2014-10-29 11:00:14

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը` Իպոլա համաճարակի տարածումին ի տես։


(Ռ.Վ. 29 հոկտեմբեր 2014) Իպոլա համաճարակի արագ տարածումին ի տես, Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը, Չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին կոչ մը ուղղեց որուն մէջ յայտնեց իր մտահոգութիւնը համաճարակի արագ տարածումին համար, յատկապէս Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ ապրող աղքատ ժողովուրդներուն մէջ։
''Իպոլս համաճարակէն վարակուած հիւանդներուն, բժիշկներուն, կամաւորներուն , կղերական հաստատութիւններու անդամներուն որոնք հերոսաբար կը պայքարին համաճարակին ընդդէմ, կ՛ապահովեցնեմ իմ մօտիկութիւնս եւ աղօթքս'' ըսաւ Քահանայապետը միջազգային հասարակութեան կոչ ուղղելով ջանքեր չխնամելու համաճարակին դէմ պայքարի մէջ, առարկայականօրէն թեթեւցնելով համաճարակէն վարակուած հիւանդներուն ցաւերը։ Նորին Սրբութիւնը ապա բոլոր ներկաներէն խնդրեց աղօթել համաճարակէն վարակուած զոհերուն եւ հիւանդներուն դիտաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.